Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Սուրիոյ Դեսպանը

Մարտ 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_5736ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին

կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր, Ուալիտ Սֆէյր, Խտըր Ղատպան, տեղակատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս եւ դատական հարցերու պատասխանատու Նաշաթ Հասանիէ:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով շնորհաւորեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը: Ներկաները շեշտեցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու, կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու եւ երկխօսութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոնք լուսարձակի տակ առին ՀՅԴ-ի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ պատմական հեզասահ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:

Սուրիոյ Դեսպանը Կ՛ացելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

3-10-15_hht_aliՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին:

3-10-15_pakradouni_aliՀանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ այցելութիւնը շնորհաւորական բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան, սուրիահայութեան եւ լիբանանահայութեան հետ յարաբերութիւնները նորութիւն չեն, հետեւաբար քննարկուեցան միացեալ մտահոգութիւններ, ինչպէս նաեւ որոշ սկզբունքներ, որոնց մասին սկիզբէն ի վեր համաձայն գտնուած են:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կատարած այցելութիւնս առիթ մըն էր շնորհաւորելու Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր հետ խորհրդակցութիւնները վերանորոգելու», ըսաւ Ալի` նշելով, որ իրենք լաւատես են, թէ ապագան շատ լաւ պիտի ըլլայ բոլոր այն ուժերուն համար, որոնք երկրին գերիշխանութեան, ազգային արժանապատուութեան, իրաւունքին եւ արդարութեան կը հաւատան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն այդ ուժերուն կարգին կը դասուի:

Իր կարգին, Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ դեսպանին` անոր այցելութեան եւ շնորհաւորութիւններուն համար:

«ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը անձնական եւ համայնքային շահերու վրայ չէ հիմնուած: Հայոց ցեղասպանութենէն եւ դէպի Սուրիա բռնագաղթէն ետք, հայութեան թափած արիւնը շաղախուեցաւ Սուրիոյ հողին, եւ այսօր կը տեսնենք, որ Սուրիոյ պետութիւնը, ժողովուրդը եւ հաստատութիւնները կը պաշտպանեն իրենց գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Մենք` իբրեւ լիբանանցի քաղաքացիներ եւ մեր սուրիահայ եղբայրները կը մաղթենք, որ Սուրիոյ պատերազմը աւարտի եւ կարելի ըլլայ յանգիլ քաղաքական որոշումի մը, որ գոհ կը պահէ թէ՛ սուրիացի եւ թէ՛ արաբ ժողովուրդը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

 

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ – Հէյլ Հանդիպում

Յաջորդը

Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի. Գերմանիոյ Խորհրդարանը Կը Ծրագրէ Յատուկ Քննարկումով Մը Յարգել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In