
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ, որուն ներկայացուց անոնց հարազատները ազատ արձակելու նպատակով ընթացող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անդամներէն մէկը յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին մասին վերջնական տեղեկութիւններ չկան:
Ան բանակայիններուն ընտանիքներուն անունով կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` ճիգ չխնայելու իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին համար:
«Մենք ութ ամիսէ ի վեր կը տառապինք եւ ցարդ ոչինչ իմացած ենք ու շօշափելի ոչինչ տեսած բանակցութիւններուն մասին», շեշտեց ան:
Անոնք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն խնդրեցին միջամտել` լուծելու համար ազգային այս հարցը: