
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` Լիբանանի վրայ:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանի առողջապահութեան յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի:
Հանդիպումէն ետք Մաժտալանի յայտնեց, որ յանձնախումբը ճիգ պիտի չխնայէ թիւ 174 օրէնքին գործադրութեան առումով:
Նշենք, որ թիւ 174 օրէնքը կը վերաբերի ճաշարաններուն մէջ ծխելը արգիլելուն: