ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ապու Տապիէն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ հաստատել, առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սինիորայի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին շրջագիծին մէջ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցաբար յանգած են այն եզրակացութեան, որ դպրոցներուն մէջ ըմպելի ջուրի հարցը աստիճանաբար պիտի լուծեն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ պենզինի եւ մազութի թիթեղներուն սակը սղեցաւ 500 լ. ոսկիով:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանցիներուն հարցերը լուծել` դիւրացնելով կառավարութեան աշխատանքը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն վարչական աշխատանքը բարելաւելու նպատակով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան շուրջ համախմբուելով է, որ լիբանանցիները կրնան հզօրանալ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց Լիբանանի քաղաքական եւ քաղաքակրթական սահմանները պահպանելու կարեւորութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն լիբանանեան բնոյթ տալու ջանքերը կարեւոր են` աւելցնելով, որ իրենք երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութիւնը առաջադրած են, որովհետեւ ան համախոհական թեկնածու է:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի թեկնածութիւնը առաջադրեց Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը սկսած է հասնիլ իր աւարտին, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ վերջնական համաձայնութեան:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալ կ՛ուզէ միայն լիբանանեան բանակին կողքին կռուիլ ահաբեկչութեան դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախարարական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ վարչապետ Թամմամ Սալամին փոխանցած է, թէ Ուաշինկթընի կողմէ Լիբանանին նիւթական հսկայական գումարի յատկացում պիտի կատարուի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հասարակ յայտարարներ ճշդելու` ազգային երկխօսութիւններուն սկսելու համար:
ԻՍԼԱՄ հոգեւորականներու խորհուրդը ընդգծեց ամէն տեսակի սադրանքները` յատկապէս յարանուանական սադրանքները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:


