Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Դպրոցներուն Մէջ Ըմպելի Ջուրերուն 49 Առ Հարիւրը Առողջապահական Չափանիշները Չեն Ամբողջացներ

May 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Սաապ եւ Ապու Ֆաուր
Ապու Սաապ եւ Ապու Ֆաուր

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ակնարկեցին լիբանանեան դպրոցներուն ըմպելի ջուրերը մանրէներու յատուկ քննութիւններու ենթարկելու քայլին եւ այդ քննութիւններէն գոյացած արդիւնքներուն:

Ապու Ֆաուրի համաձայն, մարտ-ապրիլ ամիսներուն ընթացքին լիբանանեան պետական եւ սեփական դպրոցներէն 210 նմուշներ առնուած են եւ ենթարկուած քննութիւններու: «Ըստ մանրէներու յատուկ այդ քննութիւններուն արդիւնքին, դպրոցներուն ըմպելի ջուրերուն 49 առ հարիւրը առողջապահական չափանիշները չեն ամբողջացներ», շեշտեց ան:

Առողջապահութեան նախարարը հաստատեց նաեւ, որ փաստուած է, թէ այդ մանրէները կը վնասեն ընդհանուր առողջապահութեան եւ կը պատճառեն վտանգաւոր հիւանդութիւններ:

Իր կարգին, Ապու Սաապ յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ բոլոր դպրոցներուն հերթաբար կ՛ուղարկուին շրջաբերականներ, որոնց մէջ կը պահանջուի տնօրէնութիւններէն մնայուն կերպով ստուգել դպրոցին ըմպելի ջուրին իրավիճակը: Ան աւելցուց, որ այս մտահոգութիւնը լուրջի առնուած է դպրոցներուն 50 առ հարիւրին կողմէ:

Ապու Ֆաուր եւ Ապու Սաապ հաստատեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն դպրոցներուն ըմպելի ջուրը առողջապահական չափանիշներով օժտելու այս արշաւը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ եղած բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն այդ նպատակով:

Անդրադառնալով պետական քննութիւններուն` Ապու Սաապ յայտնեց, որ այս տարի պետական բոլոր քննութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ կրթութեան նախարարութիւնը կազմ ու պատրաստ է այդ քննութիւնները կատարելու: «Հետեւաբար, ուսանողները պէտք է պատրաստ ըլլան ներկայանալու պետական քննութիւններուն», եզրափակեց Ապու Սաապ:

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Մուսթաքպալ Հոսանքը Պատասխանատու Նկատեց Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտելու

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Կատարեց Շարք Մը Ձերբակալումներ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.