Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլը եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆան` ներկայութեամբ Ֆրենժիէի զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


