Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակաց Հրապարակին Վրայ. Բանակի Նահատակներուն Ընտանիքները Կառավարութենէն Կը Պահանջեն 6 Մայիսը Վերստին Նկատել Լիբանանեան Պաշտօնական Տօն

Մայիս 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

399175_img650x420_img650x420_cropԼիբանանեան բանակի նահատակներուն հարազատները երէկ կէսօրէ առաջ նստացոյց մը կատարեցին Նահատակաց հրապարակին վրայ, որուն ընթացքին անոնք կառավարութենէն պահանջեցին 6 մայիսին զուգադիպող Նահատակաց օրը վերստին նկատել լիբանանեան պաշտօնական տօն:

Նահատակ բանակային Նատիմ Սըմաանի մայրը` Ժորժեթ Սըմաան քննադատեց այդ նստացոյցին մասնակիցներուն թիւը, ինչպէս նաեւ նահատակ բանակայիններուն նկատմամբ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն ցուցաբերած անտեսումը:

«Եթէ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ցոյցի հրաւիրեն` հրապարակները ծովածաւալ բազմութեամբ կը լեցուին, իսկ նահատակ բանակայիններուն յիշատակը ոչ ոք կը հետաքրքրէ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով վերակենդանացնելու Մայիս 6-ը` իբրեւ Նահատակաց օր:

Սըմաան մեղադրեց լիբանանեան տեղեկատուութիւնը, որ մերժած է ընդառաջել իրենց փափաքին` Նահատակաց օրը վերականգնելու արշաւի մը ձեռնարկելու իմաստով:

Իր կարգին, նահատակ բանակային Ահմետ Թաուիլի հայրը կոչ ուղղեց նահատակ բանակայիններուն հարազատներուն միասնական մնալու, որովհետեւ իրենց զաւակները նահատակուած են Լիբանանի համար եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժին համար:

«Կոչ կ՛ուղղեմ վերականգնելու Նահատակաց օրը` 6 մայիսը, որպէսզի լիբանանեան բանակին նահատակներուն յիշատակը չմոռցուի, ինչպէս որ մոռցուած է 6 մայիսի նահատակներուն յիշատակը: Այսօր ո՞վ կրնայ յիշել 6 մայիսի նահատակներէն մէկուն անունը», հարց տուաւ ան:

Թաուիլ խստիւ քննադատեց լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն վարուելակերպը` նահատակ բանակայիններուն նկատմամբ եւ զարմանք յայտնեց, որ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կ՛առաջադրուի անոնց յիշատակը վառ պահելու նպատակով:

Ժրէյժ. «Ճիգ Պիտի Չխնայեմ 6 Մայիսը Վերստին
Ներառելու Ազգային Տօնացոյցին Մէջ»

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նահատակները մոռցողը անցեալը կը մոռնայ, իսկ ով որ անցեալը կը մոռնայ, չի կրնար ներկան կամ ապագան կերտել: «Իրենց ընկերութիւնը պաշտպանած եւ անոր համար զոհուած նահատակներուն իրաւունքն է իրենց յիշատակին ոգեկոչումը: Նոր սերունդը պէտք է իր պատմութիւնը լաւ իմանայ, որովհետեւ յիշողութիւնը կարեւոր է` կերտելու համար ներկան եւ նայուածքը սեւեռելու դէպի ապագայ», շեշտեց ան:

Ժրէյժ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակի նահատակներուն հարազատներուն կողմէ որդեգրուած քայլերը` 6 մայիսը վերստին պաշտօնականացնելու եւ Նահատակաց օր յայտարարելու առումով, արդար պահանջ է եւ անոր պէտք է ընդառաջէ նախարարաց խորհուրդը:

«Ճիգ պիտի չխնայեմ 6 մայիսը վերստին ներառելու ազգային տօնացոյցին մէջ», հաստատեց Ժրէյժ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը մեծ դերակատարութիւն ունի Լիբանանի պաշտպանութեան առումով:

Նախորդը

«Հայաթ»-ի Համաձայն`. Պըրրի Կը Զօրակցի Քալամունի Ճակատամարտին

Յաջորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանին Ներկայացուած Է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նախագիծ Մը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?