Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՐԻՓՈԼԻԻ քաղաքապետական խորհուրդը Ամեր Ռաֆիհին ընտրեց Թրիփոլիի քաղաքապետ` ներկայութեամբ Թրիփոլիի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի: Նշենք, որ Թրիփոլիի նախկին քաղաքապետ Նատեր Ղազալ շաբաթ մը առաջ հրաժարած էր:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, իսկ անոր կողմէ թեկնածութիւնը յետս կոչելու պարագային այն թեկնածուին, որուն զօր. Աուն կը զօրակցի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն գտնուած է գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզը բանակի հրամանատար, իսկ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն նշանակելու:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Հըզպալլա գրեթէ հաստատ տեղեկութիւններ ունի, թէ զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ պիտի չընտրուի, սակայն ան կը շարունակէ զօրակցիլ անոր` խոչընդոտելու համար նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ գործադրուած  ապահովական ծրագիրները փաստած են, թէ լիբանանցի քաղաքացին իր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնն է, որ կը փափաքի ունենալ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ զգուշացուց միլիոնաւոր տոլարներու կորուստէն` խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին չմասնակցելու պարագային:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը «առեւանգող» կողմը այն է, որ կը բացակայի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերէն եւ ոչ թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի յաղթէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, ինչպէս որ ան յաղթած է Իսրայէլի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց շարունակելու Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ այս պայմաններուն ներքեւ պէտք է անպայման պահպանել Լիբանանի կառավարութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Իսրայէլ կը փափաքի Միջին Արեւելքին իշխել` զայն բաժնելով համայնքային շրջաններու:

ԼԱՍԱՅԻ մէջ գտնուած է դպրոցական պայուսակ մը, որ լեցուն էր ռումբերով:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գտնուեցաւ ական մը, որ պատրաստուած էր պայթելու: Բանակի սակրաւորները անմիջապէս հասան գաղթակայան եւ վնասազերծեցին այդ ականը:

ՍԱՅՏԱՅԻ կառավարական հիւանդանոցին պաշտօնեաները շաբաթէ մը ի վեր կը շարունակեն փակ պահել հիւանդանոցին դռները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-էն ստացան երկու դիակներ, որոնցմէ մէկն էր սպաննուած բանակայինի մը` Ալի Ալիի դիակը, իսկ միւսը` Պրիթելէն քաղաքայինի մը դիակը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները գրեթէ աւարտած են եւ Ժապհաթ Նուսրայի հետ համաձայնութիւն գոյացած է իր մօտ գտնուող պատանդները ազատ արձակելու առնչութեամբ: Նշենք, որ շաբաթավերջին Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող բանակային Մոհամետ Թալեպի ընտանիքին առիթ տրուեցաւ այցելելու իր զաւկին:

ԱԶԳԱՅԻՆ միասնութեան կուսակցութեան նախագահ Պիլալ Թաքիէտտին զգուշացուց ապահովական հաստատութիւններուն մէջ թափուր աթոռներուն վտանգէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ սենտիքայական միաւորները յայտնեցին, որ արաբական աշխարհին ապրած ներկայ իրավիճակը Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գործած սխալներուն արդիւնքն է:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնն ու Ժամաա Իսլամիէն կոչ ուղղեցին հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ գործակցութիւնը խզած է ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներուն միջեւ կապերը, ինչպէս նաեւ արդիւնաւորուած է մեծ թիւով ահաբեկիչներու ձերբակալութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը ներքին է եւ ոչ թէ արտաքին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տոնքիշոտեան յայտարարութիւններուն ոչ իսկ կ՛արժէ պատասխանել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ բարեկարգումը ջնջել փափաքող իւրաքանչիւր անհատ կը փափաքի ջնջել զօր. Աունը եւ բարեկարգումի ամբողջ մտայնութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ Սերժ Տաղեր յայտնեց, որ իրենք երկրին քաղաքական դասին մաս պիտի չկազմեն եւ քաղաքական սուտասանութեան գործողութեան պիտի չմասնակցին:

 

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Կը Հանդիպին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Զինուած Ուժերու Ղեկավարները

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Օտար Երկիրներու Վրայ Գրաւ Դրած Քաղաքական Կարգ Մը Ուժեր Արտաքին Ուժեր Պիտի Նկատուին»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?