Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք Կը Բացայայտէ Ռումիէի Բանտին Մէջ Արձանագրուած Վերջին Խուլիկանութեան Մանրամասնութիւնները

Մայիս 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նուհատ Մաշնուք
Նուհատ Մաշնուք

Ներքին ապահովութեան ուժերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին ապահովութեան ուժերուն կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին բացայայտեց Ռումիէի բանտին մէջ բռնկած վերջին խուլիկանութեան մանրամասնութիւնները:

Մաշնուքի համաձայն, ուրբաթ, 17 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէին, երբ ոստիկան մը բանտարկեալներէն մէկուն կ՛ընկերակցէր դէպի իր արգելարանը, խումբ մը այլ բանտարկեալներ յարձակած են ոստիկանին վրայ եւ խոշտանգած զայն ու անկէ գրաւած արգելարաններուն բանալիները:

Այդ քայլէն ետք սկսած էր կազմակերպուած խուլիկանութիւնը, երբ բանտերուն դռները բանալիներով բացուեցան, իսկ այլ երկաթեայ դռներ քանդուեցան:

Խուլիկանութեան մասնակցեցան 40-60 բանտարկեալներ, որոնք քանդեցին բանտին Դ. մասնաշէնքը: Անոնք այրեցին սպունգէ անկողինները, ինչպէս նաեւ պատանդ առնուած 11 ոստիկաններուն տարազները, ինչպէս նաեւ քանդեցին բանտարկեալներուն բուժման նպատակով կառուցուած յատուկ բուժարանը, որուն կառուցման համար 196 հազար տոլարի գումար մը տրամադրուած էր:

Բանտարկեալներուն կողմէ գրաւուած Ռումիէի Դ. մասնաշէնքին եւ արձանագրուած քանդումներուն պատկերները սփռուեցան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ան աւելցուց, որ խուլիկանութիւններուն պատճառով 100 բանտարկեալներ վիրաւորուած են, որոնցմէ 21-ը` լուրջ:

Մաշնուք նշեց նաեւ, որ պետութիւնը ոստիկանութեան, հոգեւորականներուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջոցով արգելափակեալներուն հետ բանակցութիւններ կատարեց` ստանձնելու համար Դ. մասնաշէնքը, սակայն այդ բանակցութիւնները արդիւնաւորուեցան միայն պատանդ առնուած ոստիկանները ազատ արձակելով:

«Հետեւաբար, որոշեցինք բռնի ուժով ստանձնել բանտը եւ այդ առումով երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ արձանագրուեցաւ ներխուժում մը` ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ եւ կարելի եղաւ Ռումիէի Դ. մասնաշէնքը հակակշիռի տակ առնել: Ապահովական այդ գործողութիւնը մեր միակ լուծումն էր, որպէսզի Դ. մասնաշէնքը եւս Բ. մասնաշէնքին ճակատագիրը չունենայ եւ հոնկէ ահաբեկչական գործողութիւններ չկազմակերպուին` Այն Հելուէի, Արսալի, Ռաքքայի եւ Մուսուլի հետ գործակցաբար», շեշտեց Մաշնուք` աւելցնելով, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ Ռումիէ դարձեալ վերածուի ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպող կեդրոնի մը կամ գրասենեակի մը:

 

Նախորդը

Պասիլ Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Աշխատող Լիբանանցի Գործարարները

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Փարակուէյի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?