Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստէն ետք պլոքը զգուշացուց սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ տիրող սառած իրավիճակէն, որ կը սպառնայ ազգային միասնականութեան եւ վտանգ կը սպառնայ լիբանանեան պետութեան գոյացութեան ու անոր շարունակութեան:
Պլոքը ընդգծեց, որ Եմէնի եւ եմէնցիներուն դէմ գործուած յարձակումը մարդկութեան դէմ ոճիր է` զգուշացնելով շրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ որդեգրելիք այլ քայլերէն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ընդգծեց աշխատավարձի յաւելումները կատարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Հարաւային արուարձաններու կայունութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելը ազգային պարտականութիւն է, որուն կը զօրակցին Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը:
Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը Մուսթաքպալ հոսանքը պատասխանատու նկատեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու հարցին` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը քաղաքական իր կեցուածքներով ոտնձգութիւններ գործած է Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան մէջ:
Պլոքը խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է ձայները գնելու եւ բերանները փակելու սկզբունքներուն վրայ: «Այս քաղաքականութիւնը դատապարտուած է բոլոր ազատ ժողովուրդներուն կողմէ: Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը մնայուն կերպով հիասթափեցուցած է պաղեստինեան եւ արաբական դատերը: Իսկ Եմէնի դիմագրաւած այսօրուան կացութիւնը փաստ մըն է` շրջանի ժողովուրդներուն դէմ Սէուտական Արաբիոյ բանեցուցած բռնատիրութեան», շեշտեց պլոքը: