Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 3 Յունիսին

May 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 3 յունիս 2015-ին:

Նիստը յետաձգումէն ետք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն:

Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու նախագահական ընտրութեան նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլին եւ գործակցելու` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:

Սթրիտա Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը արդէն իսկ պատրաստ է եւ որեւէ ատեն կրնայ յայտարարուիլ:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Պըրրի հաստատած է լիբանանեան եւ արաբական առումով միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք չէ որդեգրել արաբական միասնականութիւնը երկփեղկող կեցուածքներ եւ գաղափարներ, որոնք կը ծառայեն միայն թշնամի Իսրայէլի շահերուն:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ օրէնսդրական նիստին առումով ինք պէտք եղածը կատարած է եւ կարգ մը անձնաւորութիւններէ կը յուսայ վերատեսութեան ենթարկել իրենց կեցուածքները` մտածելով երկրին գերագոյն շահերուն մասին:

Դեսպան Ալի եւ Պըրրի
Դեսպան Ալի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուած այն անդրադարձը, թէ ահաբեկչութիւնը ո՛չ իր հովանաւորները եւ ո՛չ ալ իրեն զօրակցողները պիտի խնայէ, յուսադրիչ է:

Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, որ յայտնեց, թէ իր կեանքին ամէնէն դժուար պահերէն էին Լա Հէյի մէջ Միջազգային դատական ատեանին դիմաց իր կատարած քառօրեայ վկայութիւնները:

Իր կարգին, Պըրրի ողջունեց Ժոմպլաթի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին մերժումը, ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի կը մերժէր այդ բանաձեւը, որ Լիբանանի շահերուն չէր ծառայեր:

Նախորդը

Զինուորական Ատեանը Միշել Սմահայի Հարցով Արձակեց Իր Վճիռը, Որ Սակայն Խստիւ Մերժուեցաւ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Շարունակեց Քննարկել 2015-ի Ամավարկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.