ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի:
Հանդիպումին ընթացքին Բագրատունի բարձր գնահատեց ապահովութեան ուժերուն գործունէութիւնը ընդհանրապէս երկրին անդորրութեան պահպանման եւ յատկապէս ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ արշաւին կապակցաբար:
Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս երկրին մէջ ապահովութեան վիճակը եւ այդ գծով առնուելիք քայլերը: