Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր յայտնեց, որ Թրիփոլին Լիբանանի կարեւոր քաղաքներէն է, եւ ինք այդ այցելութիւնը կատարած է ստուգելու համար հոն տիրող իրավիճակը` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրներուն ընթացքին:
Քաակ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` շրջանցելու համար նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ժխտական ազդեցութիւնը: