Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուորական Ատեանը Միշել Սմահայի Հարցով Արձակեց Իր Վճիռը, Որ Սակայն Խստիւ Մերժուեցաւ

Մայիս 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միշել Սմահա
Միշել Սմահա

Նախկին նախարար Միշել Սմահայի դատավարութենէն ետք, երէկ Զինուորական ատեանը արձակեց Սմահայի դէմ վճիռը, որուն համաձայն, ան դատապարտուեցաւ չորսուկէս տարուան բանտարկութեան, որոնցմէ պիտի նուազի անոր արգելափակման ժամանակը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան քանի մը ամիսէն ազատ կ՛արձակուի:

Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը զայն զրկեց նաեւ իր քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներէն:

Այդ վճիռը խստիւ դատապարտուեցաւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ:

Ռիֆի, որ կը գտնուէր վարչապետարանին մէջ` 2015-ի պետական ամավարկը քննարկելու յատուկ նիստին, իմանալէ ետք այդ վճիռին մասին, վարչապետարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ գուժեց Զինուորական ատեանին մահը` խստիւ քննադատելով անոր որոշումը:

Ռիֆի ընդգծեց, որ այդ վճիռը ամօթալի է` աւելցնելով, որ ներկայիս կը կրկնուի Ֆայեզ Քարամի դէմ արձակուած վճիռին բեմագրութիւնը:

Ռիֆի երեկոյեան հրահանգեց Զինուորական ատեանի խորհրդատու Լէյլա Ռաայտին փոխանցել Դատական իշխանութեան հսկիչ մարմին` Սմահայի դէմ արձակուած վճիռին մասին բացատրութիւն տալու համար:

Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ եւ քննարկեց այդ վճիռին դէմ դնելու կարելիութիւնները:

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց կարմիր մոմով փակելու Զինուորական ատեանը` Միշել Սմահայի հարցով անոր արձակած անհեթեթ վճիռին համար:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր, այդ ատեանէն պահանջեց Միշել Սմահայի դէմ արձակուած վճիռին թղթածրարը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր դէմ բողոքարկել:

Նշենք, որ ուշ երեկոյեան Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ` Միշել Սմահայի հարցով տրուած վճիռին դէմ:

Բողոքի ցոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի:

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հէյլը

Յաջորդը

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 3 Յունիսին

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?