Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց խորհրդարանին` ամէնէն արագ միջոցին գումարելու իր նիստը եւ վերջ տալու նախագահական թափուր իրավիճակին: Ան կոչ ուղղեց նաեւ` վաւերացնելու պետական պաշտօնեաներուն ու ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումը այսօր Ռապիէի մէջ արտակարգ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած խօսք մը, անդրադառնալու համար շրջանը յուզող կարգ մը հարցերուն եւ Քալամունի մէջ տիրող իրավիճակին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւնը պիտի չձախողի` աւելցնելով, որ իրենք մինչեւ վերջ պիտի շարունակեն խորհրդակցութիւնները եւ մօտիկ ապագային պիտի յայտարարեն փոխըմբռնման համաձայնագիրի մասին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Մերժահիունի, Արքուպի, Հասպայայի, Պընթ Ժպէյլի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Սուրի, Ռաշայայի եւ արեւելեան Պեքաայի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի եմէնցիներուն եւ անոնց ազատութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ պատահողը Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Իրաքի յարձակումներէն չի տարբերիր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը օրինական կը դարձնէ սպանութիւնն ու պայթումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ կարգ մը լիբանանցիներուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հարցին հանդէպ ցուցաբերուած թոյլ մօտեցումը դատապարտելի է` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կարեւոր է, որովհետեւ այդ երեւոյթը կը սպառնայ մեր գոյութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէն, յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին սահմաններուն մօտ որդեգրած է ապահովական արտակարգ միջոցառումներ եւ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի` դիմադրելու համար որեւէ յարձակումի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ զինուորական ատեանը պէտք է միայն զինուորական հարցերով զբաղի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ իրենք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբում պլոքին թշնամիները չեն` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կուռ են:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի կառավարութեան պահպանումը Միջազգային ընտանիքին համար կարմիր գիծ է:

 

 

 

Նախորդը

Պորուժերտի Սուր Քննադատութեան Ենթարկեց Սէուտական Արաբիան Եւ Անոր Թագաւորը

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքի Նիստ . Ազգային Պարտականութիւն Է Լիբանանեան Սահմանին Վրայ Հըզպալլայի Դիմադրութիւնը

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In