Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալի Աքպար Վիլայաթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Հասաւ Լիբանան

Մայիս 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վիլայաթի եւ Պըրրի
Վիլայաթի եւ Պըրրի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Աքպար Վիլայաթի երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Վիլայաթի յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական հարցերուն միայն լիբանանցիները կրնան լուծումներ գտնել` աւելցնելով, որ ինք վստահ է, թէ Լիբանան իր ժողովրդավարութեան շնորհիւ կրնայ դուրս գալ իր դիմագրաւած նախագահական թափուր աթոռի իրավիճակէն:

Պըրրիի Մօտ

Վիլայաթի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի, այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Վիլայաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով զանոնք ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Վիլայաթի ողջունեց Պըրրիի շինիչ դերակատարութիւնը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտին եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը ողջունելի են` երկրին մէջ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու իմաստով:

Վիլայաթի բարձր գնահատեց Դիմադրութեան եւ սուրիական բանակին կողմէ արձանագրուած յաղթանակը` Քալամունի ճակատամարտին ընթացքին:

«Այս յաղթանակը Դիմադրութեան առանցքը կը զօրացնէ ոչ միայն Լիբանանի եւ Սուրիոյ, այլեւ` շրջանին մէջ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Եմէնի տագնապին մասին հարցումի մը` Պըրրի յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա տագնապին կողմերէն մէկն է, ապա ան չի կրնար Եմէնի տագնապի լուծման յատուկ խորհրդաժողով հիւրընկալել: «Այդ խորհրդաժողովը կրնայ հիւրընկալել այդ տագնապին նկատմամբ չէզոք դիրք որդեգրած երկիր մը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ եմէնցի ժողովուրդին դէմ յարձակումները պէտք է վերջ գտնեն:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Վիլայաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, որոնք ռազմավարական են եւ շրջանային մակարդակով կրնան քաղաքական զարգացումներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալ:

Հանդիպումէն ետք Վիլայաթի բարձր գնահատեց վարչապետ Սալամի համբերութիւնը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան նկատմամբ անոր նախանձախնդրութիւնը:

Վիլայաթի մաղթեց, որ Լիբանան ի վիճակի ըլլայ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը եւ մնայուն կերպով նուաճումներ արձանագրելու ու բարգաւաճելու:

Վիլայաթի Թեհրանի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի անկախութեան եւ միասնականութեան:

Վիլայաթի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Վիլայաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Կարգ Մը Նախարարութիւններուն Տրամադրուած Պիւտճէներուն

Յաջորդը

Եւրոպայի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Երիտասարդական Թեւը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?