Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլը
Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարք Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական աթոռին թափուր մնալու իրականութիւնը: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ազգային եւ ռազմավարական պարտաւորութիւն է` պահպանելու համար Լիբանանի ապագան: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ մէկ տարի տեւած նախագահական թափուր աթոռի այս իրավիճակը կրնայ յանգիլ հիմնադիր...

















