Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ երէկ ջերմաստիճանը յանկարծ բարձրացաւ` որոշ շրջաններու մէջ հասնելով մինչեւ 42 աստիճանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Պրիթելի մէջ ներխուժումներ կատարեց եւ բնակարաններ խուզարկեց` յանցագործներ հետապնդելու աշխատանքին ծիրին մէջ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլն ու հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը մէկ դրամին երկու երեսներն են:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ հակառակ Քալամունի ճակատամարտին, Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը կը մնայ կայուն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ ինք յաջորդ շաբթուան կառավարութեան նիստին ընթացքին երեք թեկնածուներու անուններ պիտի առաջարկէ` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է պաշտպանէ Արսալը, նոյնիսկ եթէ ան ստիպուի պատերազմիլ Հըզպալլայի դէմ:

ՍԱՅՏԱՅԻ Ժամաա Իսլամիէ շարժումի քաղաքական պատասխանատու Պասսամ Համմուտ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցութիւնը, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք չեն պահանջած լուծել Զինուորական ատեանը, այլ` սահմանափակել անոր իրաւասութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի մարոնի համայնքի Զահլէի առաջնորդ Ժորժ Մուաուատ եպիսկոպոսին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը իւրայատկութիւն մը ունի Միջին Արեւելքի մակարդակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջարկը համազօր է երկրին ամբողջ քաղաքական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու` աւելցնելով, որ իրենք կը փորձեն Հըզպալլայի հետ գործակցելու ընդմէջէն նուաճում մը արձանագրել` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Ռիատի Մէջ «Եմէնի Փրկութեան» Ժողովը Աւարտեցաւ

Յաջորդը

Տաուհաթ Արամունի Մէջ Ահաւոր Ոճիր

RelatedPosts

Հակառակ Դիւանագիտական  Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

March 7, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս»  Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

March 7, 2026
Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի.  Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի. Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.