Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակը Կը Ռմբակոծէ Զինեալները

May 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-15_army_arsalԼիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքները, ուր կը նշմարուէին զինեալներու շարժումներ:

Բանակը երէկ ուշ գիշերին ռմբակոծեց Ռաֆեք հովիտը, իսկ առաւօտեան բանակը ձախողեցուց Հմայտ հովիտէն Լիբանան մուտք գործելու փորձ մը` ուղղակի թիրախ դարձնելով զինեալները, որոնց շարքին արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ամբողջ օրուան ընթացքին Հըզպալլայի մարտիկներն ու սուրիական բանակը շարունակեցին հաւատադրժողական խմբաւորումներու զինեալներուն հետ իրենց բախումները եւ յառաջացան մինչեւ լիբանանեան-սուրիական Ֆլիթա բարձունքները, որոնք կը գտնուին Արսալի արեւելեան կողմը:

Միւս կողմէ, հաղորդուեցան նաեւ տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն միջեւ արձանագրուած են բախումներ, որոնց պատճառով արձանագրուած են տասնեակներով զոհեր: Անոնց միջեւ բախումները տեղի ունեցած են Ժարաժիր բարձունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Արսալի բարձունքներուն վերեւ:

Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, Քալամունի մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտին յաջորդ հանգրուանը պիտի յատկանշուի Հըզպալլայի եւ սուրիական բանակին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախումներով:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Դատապարտեց, Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Անոր Թելադրեց «Լուռ Մնալ». Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ատանայի Եւ Մերսինի Կեդրոնները Ականահարուեցան

Յաջորդը

Ժեմայէլ. «Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահութեան Թեկնածու Չեմ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.