Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միքաթիի կողմէ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի յղուած նամակին մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր շեշտեց, որ Բրիտանիա նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին հսկայական գումարներ տրամադրեց Լիբանանին` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած լուրջ հարցերը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Լոնտոն օժանդակած է լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կանխարգիլէ լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն սպառնացող վտանգները:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: