Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանքի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռաատի, Սինիորայի Եւ Միքաթիի

Մայիս 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-20-15_hizballa_tayyarԱզգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ, Ապպաս Հաշեմ, Նեպիլ Նիքոլա եւ Նաժի Ղարիոս, երէկ այցելեց Հարեթ Հրէյք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Ալի Ամմարի, Հասան Ֆատլալլայի, Նաուար Սահիլիի եւ Ալի Ֆայեատի:

Հանդիպումին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը ներկայացուց նախագահական ընտրութեան հարցին իբրեւ լուծում Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ իրենք քննարկած են այդ նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծել` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են երկիրը իր տագնապէն դուրս բերելու` տրամաբանական որոշումներով:

«Մենք նախանձախնդիր ենք երկիրը դուրս բերելու ապահովական իր ապակայունութենէն, համախոհութեամբ վերջ տալու նախագահական թափուր աթոռի կացութեան եւ վերաշխուժացնելու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները», շեշտեց Ռաատ:

Իր կարգին, Ռահմէ յայտնեց, որ ինք կը մաղթէ, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերը այդ նախաձեռնութիւնը քաղաքական բանավէճի նիւթ չնկատեն, այլ` քաղաքական համագործակցութեան առիթ:

Սինիորայի Մօտ

5-20-15_siniora_tayyarԱզգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ այլ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Նաժի Ղարիոս, Հիքմաթ Տիպ, եւ Ուալիտ Խուրի, այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթի, Սամիր Ժսըրի, Աթեֆ Մաժտալանիի, Ամմար Հուրիի, Ժամալ Ժարրահի, Մոհամետ Հաժժարի, Հատի Հպէյշի, Ամին Ուեհպէի եւ Խտըր Հապիպի:

Հանդիպումէն ետք Ալեն Աուն յայտնեց, որ հակառակ նախագահական ընտրութեան, ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումներուն եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքին վերաբերեալ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն, մենք որոշած ենք խորհրդակցութիւնները շարունակել, որպէսզի կարելի ըլլայ տեսակէտներու մերձեցում ապահովել:

Աուն մաղթեց, որ յաջորդ հանգրուանին կարելի ըլլայ յանգիլ դրական աւարտի մը` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան գործադրութեան: Աուն աւելցուց, որ պետական կառոյցներու պետերուն նշանակումը անհրաժեշտ է ճշդուած թուականին կատարել:

Աուն ընդգծեց, որ այսօր արձանագրուած դրական քայլը անկեղծ երկխօսութիւնն էր, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը արտայայտեց իր մտավախութիւնները:

Իր կարգին, Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ հանդիպումը երկարատեւ եղած է եւ անոր ընթացքին կարելի եղած է յստակացնել փոխադարձ տեսակէտները:

Ան նշեց, որ երկու ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունին քաղաքական տարակարծութիւններ:

«Մուսթաքպալ պլոքը զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը լրջօրէն պիտի սերտէ, սակայն մեկնելով Թաէֆի համաձայնագիրին սկզբունքներէն եւ այն իրականութենէն, որ այս հանգրուանին սահմանադրութիւնը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել», ըսաւ ան:

Միքաթիի Հետ

5-20-15_mikati_tayyarՆախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ այլ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Հիքմաթ Տիպ եւ Ալեն Աուն` ներկայութեամբ երեսփոխան Ահմետ Քարամէի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Միքաթիի յանձնեց զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը, որուն շուրջ կատարուեցան հակիրճ քննարկումներ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ինք կ՛ողջունէ ամէն նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն է երկրին տագնապը լուծել` Թաէֆի համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ:

Միքաթի շեշտեց, որ պէտք է համաձայնիլ ընտրական արդի օրէնքի մը շուրջ, որուն հիման վրայ կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Իր կարգին, Քանաան շեշտեց, որ իրենք չեն միտիր երկրին սահմանադրութիւնը կամ Ազգային ուխտը փոփոխութեան ենթարկել, այլ կ՛առաջարկեն չորս տարբեր ելքեր` լուծելու համար երկրին քաղաքական տագնապը:

Ան մաղթեց, որ իրենց այցելութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին յանգին ազգային հասարակ յայտարարներու, որպէսզի երկրին տագնապին կարենան լիբանանեան լուծում ապահովել:

 

Նախորդը

Մաշնուք Կը Ներկայացնէ Ռումիէի Բանտին Մէջ Որդեգրուած Բարեկարգումները

Յաջորդը

Պըրրի. «Ռազմավարական Առումով Զօր. Աունի Հետ Տարակարծիք Չենք»

RelatedPosts

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023
Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները  Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի

Մարտ 20, 2023
Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն  Մշակելու  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով  Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»
Լիբանանեան

Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն Մշակելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In