Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք Կը Ներկայացնէ Ռումիէի Բանտին Մէջ Որդեգրուած Բարեկարգումները

Մայիս 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նուհատ Մաշնուք
Նուհատ Մաշնուք

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախարարութեան կեդրոնին մէջ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ներկայացուց Ռումիէի բանտին մէջ որդեգրուած բարեկարգումները:

Մաշնուք յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ կան մեծ թիւով ոստիկաններ եւ սպաներ, որոնց դէմ խիստ պատիժներ որդեգրուած են` բանտարկեալներուն վրայ իրենց բանեցուցած բռնի ուժին պատճառով:

Ան հաստատեց, որ իրենք բարեփոխումի ենթարկած են բանտին ապահովութիւնը` կանխարգիլելու համար յաւելեալ ապահովական դէպքերն ու խուլիկանութիւնները:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ շուրջ 700 ոստիկան կայ` աւելցնելով, որ իրենք աւելի քան 7 ամսուան կարիք ունին` փոփոխութեան ենթարկելու ոստիկանները:

Մաշնուք աւելցուց, որ բանտը պիտի ունենայ իր բողոքարկղը` նկատել տալով, որ բանտին տնօրէնութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ արգելափակեալները ներկայացնող պատուիրակութեան հետ` իմանալու համար անոնց դիմագրաւած հարցերը եւ ըստ այնմ լուծելու բանտարկեալներու թիւին հարցը, որպէսզի կացութիւնը աւելի մարդկային դառնայ:

«Մենք պիտի որդեգրենք իւրաքանչիւր սենեակի մէջ երեք արգելափակեալ ունենալու ընտրանքը, որպէսզի բանտին ճնշումը մեղմանայ», ըսաւ ան:

Մաշնուք փաուըր փոյնթով ցուցադրեց Ռումիէի Բ. մասնաշէնքը` իր նորոգուած վիճակին մէջ, հաստատելով, որ մօտիկ ապագային Դ. մասնաշէնքին մէջ գտնուող 500 արգելափակեալներ պիտի փոխադրուին Բ. մասնաշէնք:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Բանակայիններուն Թղթածրարը Գրեթէ Հասած Է Իր Աւարտին»

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանքի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռաատի, Սինիորայի Եւ Միքաթիի

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?