
Առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը հետապնդելու շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին պիտի մեկնի Պոլիս` հանդիպում մը ունենալու համար քաթարցի բանագնացին հետ:
Կը նախատեսուի, որ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ զանոնք ազատ արձակելու գործողութեան մանրամասնութիւնները վերջնականանան` զանոնք փոխանակելով կարգ մը բանտարկեալներու հետ, որոնք ահաբեկչութեան յանցանքով չեն ամբաստանուած: