Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը գրեթէ հասած է իր աւարտին` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային այդ մասին պէտք է աւետիսներ ակնկալել:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհին, որուն հետ քննարկեց սիւննի համայնքին դէմ կեցուածքներուն եւ իսլամական բանտարկեալները դատավարութեան ենթարկելու իմաստով արձանագրուած յապաղումին մանրամասնութիւնները:
Շէյխ Ռաֆիհի հաստատեց, որ իրենք եւս կը մաղթեն առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը: