Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ եւ Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին կարողութեան վրայ վախ չկայ եւ ան կրցած է Արսալի իր դիրքերը ամրացնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը պիտի երկարաձգուի` առանց կառավարութեան մէջ «պայթում» մը արձանագրելու: Ան յայտնեց, որ ինք հաւանական չի նկատեր, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը յաջողի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին առումով հաղորդակցութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին` նկատի ունենալով, որ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի 5 յունիս 2015-ին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Քալամունի եւ Արսալի բարձունքներուն տարուող կռիւը Իրանին ծառայութիւն է. ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ եւ Հըզպալլա նոյն խրամատներուն մէջ կը պատերազմին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նստաշրջանը կրնայ աւարտիլ առանց նիստ մը իսկ գումարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու լուրջ աշխատանք գոյութիւն ունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ բոլորը Լիբանանին ապահովական կայունութիւն կը մաղթեն, «սակայն օրէնքին ծիրին մէջ կարելի է նաեւ բողոքներ արձանագրել», աւելցուց ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Արսալի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է եւ անհրաժեշտ է այդ գիւղաքաղաքը պաշտպանել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Իրաքէն սկսեալ շրջանի քրիստոնեաներուն դէմ դաւադրութիւններ կը նիւթուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը սահմանադրական իր տեղն ու անհրաժեշտութիւնը ունի, այլապէս անոր շուրջ մրցակցութիւն կարելի չէր նշմարել:

 

 

Նախորդը

Փենթակոն. «ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ Պատերազմի Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը Չէ Փոխուած»

Յաջորդը

Ապու Սաապ. «Արսալի Հարցը Վտանգաւոր Է Եւ Կարելի Չէ Զայն Անտեսել»

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?