Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Շարունակեց Քննարկել 2015-ի Ամավարկը` Հաստատելով Լիբանանեան Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Իր Յանձնառութիւնը

Մայիս 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել 2015-ի պետական ամավարկը:

Նիստէն բացակայեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ:

Նիստէն ետք, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ 2015-ի պետական ամավարկը քննարկելու նպատակով կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ չորեքշաբթի, 27 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:

Քազզի շեշտեց, որ կառավարութիւնը առարկայական կերպով քննարկած է կարգ մը նախարարութիւններուն յատկացուելիք պիւտճէները` աւելցնելով, որ կառավարութեան այս նիստը միայն ամավարկին քննարկումին յատկացուած էր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ Արսալի մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն արծարծած հարցին առնչութեամբ, Քազզի շեշտեց, որ այդ հարցը քննարկելու յարմար նիստը չէր ատիկա` աւելցնելով, որ Արսալը համախոհական հարց է, «իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը կը հաստատէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը պահպանելու իր յանձնառութիւնը», շեշտեց ան:

Քազզի նկատել տուաւ նաեւ, որ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան բոլոր ուժերուն նկատմամբ` պահպանելու երկիրն ու անոր սահմանները:

ՄԻՒՍ կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ վարչապետարանէն յայտարարեց, որ Արաբական զբօսաշրջութեան 2016-ի մայրաքաղաքը Ժիպէյլն է: Ան շնորհաւորեց Ժիպէյլն ու Լիբանանը այս առիթով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Արսալի Ռաս Սըրժ Շրջանին Մէջ Վնասազերծեց Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Յաջորդը

Վերջին Ժամ. ՏԱՀԵՇ Գրաւեց Փալմիրը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?