Լահհամ Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Քաղաքական Խորհուրդի Նախագահը
Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը երէկ ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ յստակ է, որ ժողովուրդը կ՛անդրադառնայ ահաբեկչութեան գոյութեան եւ պետութեան, երկրին ու բանակին դէմ անոր սպառնացած վտանգին: «Սակայն հակառակ այս իրողութեան, լիբանանեան քաղաքական գլխաւոր ուժերը...

















