Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Ընդունեց Արսալի Մէկ Պատուիրակութիւնը

May 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-29-15_salam_arsal_delegationՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արսալի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի եւ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի:

Հանդիպումէն ետք Ժարրահ յայտնեց, որ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին կողմէ Արսալի նկատմամբ որդեգրուած ազգային կեցուածքին համար: Ան ընդգծեց, որ Արսալ իբրեւ լիբանանեան հող  լիբանանեան բանակին եւ պետութեան օրինական հաստատութիւններուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի:

«Լիբանանեան բանակը երէկ մուտք գործեց Արսալ, ուր դիմաւորուեցաւ ծաղիկներով ու բրինձով եւ արժանացաւ անոր բնակիչներուն ջերմ ընդունելութեան: Արսալի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականները իրենց կարգին, ուրախութեամբ դիմաւորեցին բանակը: Իսկ անոնք, որոնք Արսալը ահաբեկչութեան որջ մը կը նկատեն, պէտք է տեսնեն Քուսայրի երեխաները` ըմբռնելու համար իսկական ահաբեկչութեան համեմատութիւնը: Թող բոլորը իմանան, որ Արսալ կղզի մը չէ, այլ անոր սահմանները կը հասնին Աքքար, Թրիփոլի, Թարիք Ժտիտէ, Մաժտալ Այնճար, Սաատնայէլ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքը», ընդգծեց Ժամալ Ժարրահ:

Նշենք, որ այս պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ժարրահ շեշտեց, որ Արսալի բնակիչները լիբանանեան բանակին դէմ չեն հակադրուած: Ան մերժեց Արսալը քաղաքական տարակարծութեան իբրեւ խաղաքարտ կամ Քալամունի մէջ արձանագրուած պարտութիւնը ծածկելու իբրեւ միջոց օգտագործել:

Միւս կողմէ, Սալամ ընդունեց նաեւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական թափուր աթոռին իրականութիւնը, որ արդէն իսկ սկսած է երկրորդ տարին թեւակոխել:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շարքին Հալէպի երկու առաջնորդներուն` Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգումն ու այդ թղթածրարին նկատմամբ տիրող միջազգային լուռ կեցուածքը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիա իր կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սալամ երեքշաբթի, 2 յունիսին պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ սէուտական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Կը նախատեսուի, որ Սալամ հանդիպումներ ունենայ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին հետ:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Ախթարիի Եւ Հէյլի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Սահմանադրութեան Համաձայն Երկիրը Պաշտպանելու Առաքելութեան Մէջ Են, Իսկ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Պարտականութիւնն Է Զօրակցիլ Անոնց» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.