Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Սլէյման Ընդունեց Պապական Պատուիրակ Կարտինալ Մոմպերթին

Յունիս 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարտինալ Մոմպերթի եւ զօր. Սլէյման
Կարտինալ Մոմպերթի եւ զօր. Սլէյման

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Ամշիթի մէջ ընդունեց պապական նուիրակ` Վատիկանի Արդարութեան պալատի նախագահ կարտինալ Տոմինիք Մոմպերթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս թափուր մնացած նախագահական աթոռին հարցը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիա:

Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման շեշտեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելու քայլը բոլոր լիբանանցիներուն վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Ան ընդգծեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւելու Լիբանանի մէջ ստեղծուած նախընթացը վտանգաւոր է եւ իր ապառողջ ու անտրամաբանական անդրադարձը պիտի ունենայ երկրին վրայ` աւելցնելով, որ այդ կացութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ մերժելի է:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց Վատիկանի ունեցած դրական դերակատարութիւնը` Լիբանանի սահմանադրութիւնը յարգելու, նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու իրականութիւնը պահպանելու իմաստով:

Սլէյման կոչ ուղղեց վերջ տալու լիբանանեան բանակին վրայ բանեցուած ճնշումին եւ առիթ տալու, որ ան ազատօրէն գործէ քաղաքական եւ զինուորական իր ղեկավարութեան հրահանգներով:

Ան խստիւ դատապարտեց վերջերս Սէուտական Արաբիոյ մզկիթները հարուածած ահաբեկչական արարքները եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին զօրաւոր հարուած մը տալու Միջին Արեւելքին սպառնացող ահաբեկչութեան:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Դիմադրութեան Կողքին Կանգնիլը Պարտականութիւն Է, Որովհետեւ Անիկա Համազօր Է Մենք Մեզի Զօրակցելու Սկզբունքին»

Յաջորդը

Պաալպեքի Մէջ . «Կառավարութիւնը Լիբանանէն Կարեւոր Չէ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Նոյեմբեր 15, 2025
Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային  Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն  Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»
Լիբանանեան

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Նոյեմբեր 15, 2025
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի  Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու
Լիբանանեան

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?