Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաալպեքի Մէջ . «Կառավարութիւնը Լիբանանէն Կարեւոր Չէ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

June 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-31-15_Baalbak

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Պաալպեք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ:

Պասիլը դիմաւորեցին ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հըզպալլայի Պաալպեքի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղի, Պաալպեքի քաղաքապետ Համատ Հասան եւ պետական անձնաւորութիւններ:

Հանդիպումին ընթացքին Եաղի շեշտեց, որ Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին սպառնացող վտանգներուն դիմադրելու հիմքը կը կազմէ «Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն» տարազը` աւելցնելով, որ իրենք` իբրեւ լիբանանցիներ, ազգային պարտականութիւն ունին պաշտպանելու իրենց հողերն ու բարձունքները:

Եաղի ողջունեց Պասիլի Պաալպեք այցելութիւնը, յատկապէս այն հանգրուանին, երբ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ բախումներու իրավիճակին մէջ կը գտնուի:

Եաղի հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իր դաշնակիցին` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ պիտի պայքարի` ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներուն դէմ:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին զօր. Աունի եւ զայն կը նկատեն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութեան յարմարագոյն թեկնածուն:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը զօրակցին Դիմադրութեան եւ կ՛օժանդակեն անոր` դէմ դնելու լիբանանեան հողին վրայ գտնուող տարօրինակ շարժումներուն:

Պասիլ հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով կարիքը կայ միասնականութիւն գոյացնելու իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ պայքարելու համար:

Պեքաայի Թալիա շրջանէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ Պասիլ հաստատեց, որ իրենք Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած իրադարձութիւնները կ՛արծարծեն, որովհետեւ իրենց համար Լիբանանի գերագոյն շահերը կարեւոր են: «Մենք կառավարութենէն կը պահանջենք իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ երկրին ապահովական ուժերը իրենց օրինականութեամբ կրնան պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Առաջնահերթութիւնը այն է, որ լիբանանեան բանակը ազատագրէ լիբանանեան հողերը եւ պաշտպանէ զանոնք», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ իրենց համար երկրորդ լուրջ մտահոգութիւնը այն է, որ Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի սադրանքներ չնախապատրաստուին, յատկապէս Արսալի մէջ: «Երբ բանակը կը դիմադրէ եւ պատերազմի մէջ կ՛ըլլայ, ապա ոչ ոք կրնայ այդ բախումներուն համայնքային թէ յարանուանական գունաւորում տալ: Բանակը մեր հպարտութիւնն է, եւ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ այլ առաջնահերթութիւն կարելի է նկատել, երբ Արսալը բռնագրաւուած է: Այս հարցը անձնաւորութենէ մը մեծ հարց է, աւելի մեծ, քան բանակի հրամանատարութիւնը կամ հանրապետութեան նախագահութիւնը: Ասիկա լիբանանցիներուն եւ երկրին մէջ անոնց դերակատարութեան հարցն է», շեշտեց ան:

Պասիլ աւելցուց, որ իրենք Դիմադրութեան զաւակներն են` նշելով, որ կառավարութեան մէջ պայքարը սկսած է, իսկ կառավարութիւնը Լիբանանէն կարեւոր չէ, այլ անիկա ստեղծուած է պահպանելու համար Լիբանանի մէջ իսկական գործակցութեան յղացքը:

Պասիլ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ բոլորը կառչած մնան քաղաքական գործակցութեան սկզբունքներուն եւ չզիջին լիբանանեան հողերէն ու արժանապատուութենէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Միշել Սլէյման Ընդունեց Պապական Պատուիրակ Կարտինալ Մոմպերթին

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Պէտք Է Արսալը Ազատագրելու Որոշումը Տրուի»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.