Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով շեշտեց, որ երբ ազգային հսկայ հաստատութիւն մը յաղթանակ կ՛արձանագրէ, ապա երկիրը կը յաջողի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած է, որ ապահովական կառոյցներուն պետերը նշանակելու իմաստով աճապարելու կարիք չկայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, իսրայէլեան մարտանաւ մը խզած է Լիբանանի ծովային սահմանները եւ Ռաս Նաքուրայի կողմէ մուտք գործած է լիբանանեան ջուրեր` երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն ընտանիքները շաբաթավերջին հաստատեցին, որ իրենք

ներկայիս շատ աւելի մտահոգ են իրենց զաւակներուն ճակատագիրով: Անոնք նշեցին, որ ճամբաներու փակումը նուազագոյն քայլն է, որուն կրնան դիմել, եւ իսկապէս ալ շաբաթ կէսօրին անոնք փակեցին Ռիատ Սոլհի ճամբան:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ` նշելով, որ երկրին ապահովական կացութեան վտանգ կը սպառնայ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Արսալի բռնագրաւուած ըլլալուն իրականութեան շուրջ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ այդ շրջանը ազատագրուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զինեալները Լիբանանի սահմաններէն դուրս պիտի քշուին մինչեւ ռամատան, իսկ Դիմադրութիւնը իր հակակշիռին տակ առած է արեւելեան լեռնաշղթայի բարձունքներուն մեծ մասը:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ 18 նոյեմբերին պիտի ընտրուի հանրապետութեան նախագահ` վայելելով սուրիական-իրանեան օրհնութիւնը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի զօրակցութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ երբ հարցը կը վերաբերի լիբանանեան հողերուն ազատագրումին, ապա կարմիր գիծեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Սամիր Մուքպել մերժեց Արսալի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումին թղթածրարները լուրջ հարցերու վերածելը, որովհետեւ անիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան բանակին տրամադրութեան վրայ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի համաձայն, կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստը պիտի ըլլայ խաղաղ նիստ մը, առանց ողբերգական զարգացումներու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը բոլոր հարցերուն լուծումներ պէտք է գտնեն, ինչ ալ ըլլան տիրող պայմանները:

 

 

Նախորդը

Սեւ Ծովուն Մէջ Ռուսական Կործանիչներ Կը Զգուշացնեն Ամերիկեան Մարտանաւ Մը

Յաջորդը

Ռաատ. «Ահաբեկիչները Լիբանանի Եւ Շրջանին Մէջ Չափաւորականութիւն Ձեւացնող Ուժերուն Գաղտնի Բանակն Են»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?