Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Նախագահը Ախթարիի Եւ Հէյլի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

May 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ախթարի եւ Պըրրի
Ախթարի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի խորհրդական շէյխ Մոհամետ Հասան Ախթարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ախթարի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական: Ան հաստատեց հաւատադրժողական եւ ահաբեկչական շարժումներուն դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով բոլոր կրօններուն պայքարելու այդ խմբաւորումներուն դէմ, որովհետեւ անոնք միայն կը քանդեն, կը սպաննեն եւ կը թալանեն:

«Կը յուսանք, որ Աստուած մեզ կը փրկէ ահաբեկչական այս խմբաւորումներէն եւ անոնց զօրակցող ու ֆինանսաւորող կողմերէն` ըլլան անոնք արաբներ կամ ոչ արաբներ», ըսաւ ան:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց տեղական եւ միջինարեւելեան զարգացումները:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու եւ լիբանանեան հաստատութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի եւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հովանաւորէ Արսալի մէջ բանակին առած քայլերը:

Միւս կողմէ, Պըրրի բարձր գնահատեց ներքին լիբանանեան առումով տակաւին ընթացքի մէջ եղող երկխօսութիւնը, որ երկրին ապահովութեան երաշխիքն է եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի արգելակուի:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Հերքեց Այն Լուրերը, Թէ Փալմիրի Բանտարկեալները ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Կը Գտնուին

Յաջորդը

Սալամ Ընդունեց Արսալի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն  Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Համակարգում Նշմարեցինք»
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համակարգում Նշմարեցինք»

October 21, 2026
Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին  Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը  Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց
Լիբանանեան

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.