Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Անդամ Անկախ Անձնաւորութիւններուն Ազգային Խորհուրդի Կազմութիւն
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ 350 անկախ անձնաւորութիւններ երէկ հաւաքուեցան «Պիել», ուրկէ անոնք պաշտօնապէս յայտարարեցին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ անկախ անձնաւորութիւններու ազգային խորհուրդին կազմութիւնը: Ազգային խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ նախկին նախարար Սամիր Ֆրենժիէ, որ ստացաւ 237 քուէ: Անոր մրցակիցն էր Ֆաուզի Ֆըրրի, որ ստացաւ 32 քուէ: Ֆրենժիէ յայտնեց, թէ Ազգային խորհուրդը երեք ամիս ետք պիտի ընտրէ իր գործադիր խորհուրդի անդամները,...


















