Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ իրենք ժողովրդային հանրաքուէէն չեն վախնար, որովհետեւ վստահ են իրենց ունեցած քաղաքական ներկայութենէն:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք ուխտած են կանխարգիլել Ռումիէի բանտին մէջ խոշտանգումի որեւէ դէպք:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւնները լքած են երկիրը եւ օրըստօրէ կը կորսնցնեն իրենց հակակշիռը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց տիւրզի համայնքը պառակտելու միտումով սուրիական վարչակարգին նախապատրաստած սադրանքներուն վերջ տալու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին նշանակումը խորքին մէջ երկրին քրիստոնեայ քաղաքական պլոքներուն իրաւունքն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար ամօթալի է:

ՄԱԿ կը պահանջէ բանտերու յատուկ իր յանձնախումբէն անմիջական այցելութիւն մը կատարել Ռումիէ` ստուգելու համար արգելափակեալները խոշտանգելու մանրամասնութիւնները:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, ր Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարելի է յաջողցնել լիբանանեան ներքին երկխօսութեամբ եւ համագործակցութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը` կարենալ դիմադրելու համար հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի գոյութեան հիմքերէն մէկը այն է, որ լիբանանցիները բաժնեկցին իրենց ճակատագիրը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կարիքը ունի ներքին լիբանանեան երկխօսութեան եւ հասարակ յայտարարներու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ իրենց հիմնական հոգը Լիբանանն է եւ լիբանանցիները` աւելցնելով, որ միայն այդ պարագային կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի պահպանումը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Կարելիութիւնը Կը Քննարկէ

Յաջորդը

Ամին Ժեմայէլ Այցելեց Զահլէ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?