
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց պատարագի մը` նուիրուած Մարի Ֆրանսիս Ալֆոնսինի սրբադասման:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Արեւելքը կը տառապի տագնապներէ, անոր ժողովուրդը կը սպաննուի եւ հակառակ Աստուծոյ կամքին, Աստուծոյ անունով է, որ կը գործուին այս չարիքները:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Ուարտիէի մայրապետներու միաբանութեան հիմնադիրը Ս. Մարի Ֆրանսիս Ալֆոնսինն է` աւելցնելով, որ իրենք այսօր վարդարանով կ՛աղօթեն` խնդրելով, որ իրենց աղօթքը շարժէ քաղաքական պատասխանատուներուն խիղճերը, որպէսզի անոնք ուղղուին Լիբանանի փրկութեան նախաձեռնութիւններ առաջադրելու:
Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ուղղուին խորհրդարան` ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին խոստովանելու իրենց մեղքերը եւ վերջ տալու պատերազմին, բռնարարքներուն, սպանութեան, քանդումին եւ ահաբեկչութեան: