Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները: