Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին,
որ յայտնեց, թէ պետութիւնը ձեռնածալ չի կրնար նստիլ` ընդգծելով, որ իրենք կը մերժեն, որ երկրին կառավարութիւնը ըլլայ հրաժարեալ կառավարութեան համազօր կազմ մը:
Քազզի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ կ՛ուղղուի կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրելու, սակայն անոր համար նիստին օրն ու ժամը տակաւին կը մնան անորոշ:
Քազզի աւելցուց, որ վարչապետ Սալամ կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ` աւարտելէ ետք յաջորդ 48 ժամուան ընթացքին իր կատարելիք խորհրդակցութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելեցին նաեւ խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ եւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ: