Հըզպալլայի մարտիկները շաբաթավերջին ետ մղեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ հաստատած իրենց դիրքին դէմ գործուած ՏԱՀԵՇ-ական յարձակում մը:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ, որոնցմէ 7-ն սպաննուեցան եւ շատեր վիրաւորուեցան:
Միւս կողմէ, Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին լիբանանեան բանակի դիրքերէն չորս քիլոմեթր հեռու Քըրնեթ Քաֆի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն շարժումները, նախքան բանակին դէմ անոնց գործադրելիք յարձակումը: