ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ արտօնեն, որ իրենց սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը սառի:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները չկատարուին, ապա Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պիտի ընդդիմանան:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս ընդգծեց, որ կառավարութեան նիստը մօտիկ ապագային պիտի գումարուի, համաձայնութիւն գոյանայ կամ ոչ:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատունը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ինք ոչ մէկ կերպով առնչուած է «Կը փափաքի՞ս 40.000 տոլարի բնակարան ունենալ» արշաւին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի խորհրդատուն է, որ սպրդեցուցած է Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակեալները խոշտանգելու տեսերիզը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ սեփական մարզը երեւակայական բեռան տակ կքած է, իսկ օտար ներդրողներուն կողմէ վստահութեան ազդակը կորսուած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը նախագահական ընտրութեան կապելը միամտութիւն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ պետական հաստատութիւնները աշխատանքի վերադարձնելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին միակ լուծումը արդար եւ համամասնական ընտրական օրէնքի մը վաւերացումով կ՛ըլլայ:
ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն բարձր գնահատեց Արսալի բարձունքներուն վրայ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այս ամսուան աւարտին Ֆրանսայի նախագահական պատուիրակ Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ պիտի այցելէ Պէյրութ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ռումիէի բանտի իսլամական բանտարկեալներուն էմիրը` Ապու Ուալիտ, իր ստացած բանտարկութեան վճիռի ժամկէտէն 7 տարի առաջ ազատ արձակուած է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, երկրին ապահովական եւ զինուորական կառոյցներու պետերուն նշանակումները պիտի վերջնականանան սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը մերժած է Ժապհաթ Նուսրայի հետ շրջանային համաձայնութիւն մը կնքել` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն վրայ ապահովական կացութիւնը յաւելեալ մագլցումներ կրնայ արձանագրել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ որոշած է կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել յուլիս ամսուան առաջին կիսուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին պատը կարելի է խզել այն ժամանակ միայն, երբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներուն համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի նախարար Ժըպրան Պասիլ 20 սեպտեմբերին ստանձնէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութիւնը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Մազարեհ Շեպաայի, Մարժահիունի, Արքուպի, Պընթ Ժպէյլի, Հասպայայի եւ Կոլանի բարձունքներուն վերեւ թռիչքներ գործած է` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ:
ԱՔՔԱՐԻ նախկին միւֆթի Ուսամա Ռաֆիհի շեշտեց տիրող ներկայ վտանգաւոր իրավիճակին դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ ներկայ կացութիւնը տնտեսական նոր վտանգներու դուռ կը բանայ, իսկ Լիբանան աշխարհէն կտրուած կղզիի մը կը նմանի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստի հրաւիրման խորհրդակցութիւններուն իմաստով նորութիւններ չեն արձանագրուած` աւելցնելով, որ կառավարութեան մասին իրենց կեցուածքը լաւապէս արտայայտուած էր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յարանուանական իր բոլոր զէնքերը կ՛օգտագործէ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ Ռումիէի հարցով պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ոստիկանները եւս խոշտանգուած էին արգելափակեալներուն կողմէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Ռումիէի մէջ արգելափակեալները չարչարելու գայթակղութեան հարցով մերժած է թիրախ դարձնել ներքին ապահովութեան ուժերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ հարցերը բաւական յստակ են` աւելցնելով, որ արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն միջեւ ոչ մէկ հարց կայ:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Լիբանան իր սահմանադրական հաստատութիւններով մատնուած է քաոսային վիճակի մը եւ անիշխանութեան մթնոլորտի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ֆատել շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու քաղաքական իշխանութիւնները լիբանանցիներուն շահերուն ծառայելու իմաստով բաւական ձախողած են:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ, երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի պալատի նախագահ Մոհամետ Շքէյր կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել ու պաշտպանել Լիբանանի գոյութիւնը:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ կոչ ուղղեց միջսիւննիական երկխօսութեան, որուն շրջագիծին մէջ կարելի ըլլայ ապահովել սիւննի համայնքին գերագոյն շահերը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին առումով տիւրզիները չէզոք կեցուածքի մղողը կարծէք զանոնք անձնասպանութեան կը մղէ: