Պըրրի. «Կառավարութիւնը Իր Նիստը Պիտի Գումարէ Եւ Սահմանադրութեան Համաձայն Որոշումներ Պիտի Տայ»
Չորեքշաբթի օրուան նիստէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանին բացումէն ետք ինք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստերու` ընդգծելով երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: «Բոլոր մարզերուն մէջ անհրաժեշտ է գործադրել երկրին սահմանադրութիւնը», հաստատեց ան: Խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ քարիւղի թղթածրարին` շեշտելով, որ Լիբանանի բնական...



















