Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ 350 անկախ անձնաւորութիւններ երէկ հաւաքուեցան «Պիել», ուրկէ անոնք պաշտօնապէս յայտարարեցին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ անկախ անձնաւորութիւններու ազգային խորհուրդին կազմութիւնը:
Ազգային խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ նախկին նախարար Սամիր Ֆրենժիէ, որ ստացաւ 237 քուէ: Անոր մրցակիցն էր Ֆաուզի Ֆըրրի, որ ստացաւ 32 քուէ:
Ֆրենժիէ յայտնեց, թէ Ազգային խորհուրդը երեք ամիս ետք պիտի ընտրէ իր գործադիր խորհուրդի անդամները, «որոնք այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ յաջորդող տասը օրերը կրնան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան»: