Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ապու Տապիի մէջ մատուցուած իֆթարի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան դառնայ փողոց իջնելու շարժումներուն զոհը:
Ան հաստատեց, որ մտավախութիւններուն մասին պէտք է արտայայտուիլ` յանգելու համար լուծումներու եւ աւելցուց, որ կառավարութեան այլընտրանքները քանդումն ու քաոսն են:
Միւֆթի Տըրիան ողջունեց միջքրիստոնէական երկխօսութիւնը` ընդգծելով, որ քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը կը վերահաստատէ վստահութիւնը եւ կը թեթեւցնէ անոնց միջեւ լարուածութիւնը:
Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: