
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Մաշնուք ընդունեց նաեւ Չարչարանքի կանխարգիլման ՄԱԿ-ի ենթայանձնախումբի փոխնախագահ Սիւզան Ժապպուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի բանտերուն մէջ տիրող իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Ժապպուր հաստատեց, որ քննարկած են բանտերուն մէջ արգելափակեալներու խոշտանգումը կանխարգիլելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ բանտերուն վիճակը բարեկարգելու իմաստով մշակուած ծրագիրներն ու անոնց ֆինանսաւորման եղանակները:


