
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ առանց արտօնագիրի գործող բոլոր մանկատուները պիտի փակուին, իսկ անոնք, որոնք նոյն պատճառով փակուած էին, սակայն ներկայիս արտօնագիրներ ունին, պիտի վերաբացուին:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ արտօնագիրի ստուգման արշաւը պիտի ներառէ նաեւ տարրալուծարանները, դարմանատուները, գեղեցկագիտական կեդրոնները, ձկնարանները եւ այլ հաստատութիւններ:


