Նախանցեալ երեկոյեան արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Մոհամետ Քապպարա, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ Մուսթաֆա Ալլուշ, Պասեմ Սապաա եւ Ղաթթաս Խուրի` ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատուներ Նատեր Հարիրիի եւ Հանի Համմուտի, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի, ուղղուեցան Սէուտական Արաբիա, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին մասին ոչ մէկ մանրամասնութիւն հաղորդուեցաւ:


