Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ հինգ ոստիկաններ ամբաստանեց Ռումիէի արգելափակեալները խոշտանգելու յանցանքով եւ անոնց դէմ բերման գիրեր հրապարակեց:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երկրին վարչակարգը քայքայող անձնաւորութիւն մը չէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ քննադատեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ շիի համայնքի ներկայացուցիչները լուսանցքայնացնելու ամբաստանութիւնները, որոնք տեղ գտած են «Ախպար» օրաթերթին մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթին, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ քաղաքական խաւին մէջ ոմանք կը փորձեն իւրացնել հանրապետութեան նախագահութիւնն ու բանակի հրամանատարութիւնը եւ ատոր կարելի չէ հանդուրժել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ Լիբանան դժուար եւ բարդ կացութիւն մը կը դիմագրաւէ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ հազարերորդ անգամ ըլլալով պէտք է վերահաստատել, որ սպառնալիքի ոճը անօգուտ է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ այս հանգրուանին երկրին կայունութեան խոչընդոտումը դուռ կը բանայ շրջանը հրկիզող հրդեհին բոցերուն Լիբանան հասնելուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին լուսանցքայնացումը համազօր է շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործած արարքներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ զիրենք այսքան դիւրաւ կառավարութենէն դուրս ձգել` աւելցնելով, որ իրենք փողոց պիտի չուղղուին հոն մնալու համար:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին հաղորդեցին, որ մինչեւ վերջ պիտի զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի` աւելցնելով, որ անոնք կ՛որդեգրեն զօր. Աունի բարձրացուցած իրաւունքի պահանջը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ եւ անոր ըսած, թէ իրեն համար փողոց իջնելու ոճը մերժելի է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռապիէի մօտիկ աղբիւրներ շեշտած են, որ իրենց ընտրանքներէն մէկը երկրին սառեցումն է, որպէսզի կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնեն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը կառավարութեան աշխատանքի հետեւողականութիւնն է, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի բացումը, որպէսզի պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու եւ երկրին կայունութիւնը պայթեցնելու յատուկ քայլերու չդիմելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ հաւանական է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն առանձին մնայ փողոց իջնելու իր որոշումին մէջ:

ՄԱՐՏ 14-ի անկախ անձնաւորութիւններու ազգային խորհուրդի նախագահ, նախկին երեսփոխան Սամիր Ֆրենժիէ շեշտեց, որ խորհուրդին պարտականութիւնն է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դերակատարութիւնը աշխուժացնել:

ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դէմ ուղղուած չէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ հաւանական նկատած է, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին քաղաքական լուրջ տագնապ մը բռնկի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկացի դիւանագէտներ հաւանական նկատած են, որ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կարելի ըլլայ լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ իրենք պիտի դիմեն այնպիսի միջոցառումներու, որոնք անակնկալի պիտի մատնեն բոլորը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ամենէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մնայուն կերպով կարգախօսներ կը հրապարակէ, մինչդեռ անոր միակ կարգախօսը հետեւեալն է. «Կա՛մ իմ պահանջս եւ կա՛մ երկրի հրկիզումը»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ արաբական պայքար շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ֆայսալ Տաուտ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է դարձեալ երկխօսութեան նիստի մը հրաւիրէ, այլապէս վարչակարգի հարց պիտի ծագի:

 

Նախորդը

Յունաստանի Հանրաքուէի Պաշտօնական Արդիւնքները Կը Մտահոգեն Եւրոպան

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց Մըսպահ Ահտապը

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?