
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ապու Տապիի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին զգուշացուց Լիբանանը դէպի քաոս առաջնորդելու փորձերէն, որոնք կրնան երկրին պետական հաստատութիւնները հարուածել:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հնչող սպառնալիքները վտանգ կը ներշնչեն` աւելցնելով, որ անոնք կը սպառնան երկրին ապահովական կայունութեան:
Հանրապետութեան միւֆթին զգուշացուց նաեւ բաժանումի վտանգներէն` ընդգծելով հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ուժերուն բոլոր հարցերուն իմաստուն լուծումներ գտնելու եւ յանձնառու մնալու կառավարութեան աշխատանքներուն շարունակութեան:
Նշենք, որ միւֆթի Տըրիան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար շէյխ Նահիան պըն Մուպարաք Ալ Նահիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Տար Ֆաթուայի եւ նախարարութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:


