Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Քաթարի Իշխանին Կը Հաստատէ Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդուած Պահելու Կարեւորութիւնը

September 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հէյլ եւ Սալամ
Հէյլ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի Մըրին, որուն փոխանցեց բերանացի նամակ մը` ուղղուած Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու յանձնառութեան` միշտ երախտապարտ ըլլալով Լիբանանի օժանդակութեան գծով Քաթարի մնայուն պատրաստակամութեան եւ ճիգերուն առումով:

Վարչապետ Սալամի այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, որ Սալամին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ հաստատեց Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան նկատմամբ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը:

Հէյլ յայտնեց, որ ազատ արտայայտութեան եւ ցոյցի իրաւունքը պէտք է յարգուի` աւելցնելով սակայն, որ անիկա պէտք է մնայ իր խաղաղ ընթացքին մէջ, իսկ ապահովութեան ուժերը պէտք է հսկեն քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Հէյլ հաստատեց, որ քաղաքացիներուն կամ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որեւէ խախտում արձանագրուելու պարագային կրնան հարցեր պատահիլ:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ վարչապետին հետ քննարկեց ելեւմտական հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սալամի համաձայն, Սուրիոյ տագնապին լուծման իմաստով արձանագրուելիք լուծումներու հաւանական մթնոլորտը կը նշանակէ նաեւ, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը կրնայ հունի մէջ ըլլալ:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ վարչապետ Սալամ յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կարելի եղածին չափ մօտեցնէ երկխօսութեան նիստին թուականը:

Անոնք աւելցուցին նաեւ, որ վարչապետ Սալամ մինչեւ այս հանգրուանին աւարտը յանձնառու պիտի մնայ իր ստանձնած պատասխանատուութեան:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Յաջորդը

«Լիբանանի Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Համայնքները Կառչած Կը Մնան Ազգային Միասնականութեան» Ըսաւ Միւֆթի Տըրիան

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.