
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որմէ ստանձնեց Պըրրիի յղած երկխօսութեան հրաւէրը:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան եւ ամէն ինչի որ խորհրդարանի նախագահին հովանաւորութիւնը կը վայելէ:
«Պըրրի բարեկամ է, եւ մենք վստահութիւն ունինք անոր վրայ, հետեւաբար երկխօսութեան մասին անոր կատարած ակնարկութեան առաջին իսկ օրէն մենք համաձայն ենք այդ առաջարկին եւ կը յուսանք, որ անոր իբրեւ արդիւնք նախագահական ընտրութիւն կատարուի», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ շեշտեց նաեւ, որ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք կրնայ բարելաւուիլ նաեւ կառավարութեան աշխատանքը, ինչ որ կրնայ բարելաւել երկրին կացութիւնը:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ երկրին վկայած քաղաքացիական ընկերութեան ցոյցերը կրնան Լիբանանը նոր հանգրուանի մը մատնել` աւելցնելով, որ անոնց հետապնդած նպատակները բարի են, սակայն այդ շարժումէն օգտուողները կրնան երկիրը վտանգի ենթարկել:
«Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պարագային պահանջուածը ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւն էր, իսկ 7 մայիսի դէպքերուն ընթացքին պահանջուածը Տոհան էր, արդեօք հիմա ի՞նչ է պահանջուածը», հարց տուաւ ան:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն մնալ ժողովրդավարական աշխատանքին մէջ, որովհետեւ աշխատանքը ժողովրդավարական է եւ իրենք կը վախնան, որ հարցը աւելի եւս կը վատթարանայ: