Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Ընկերութեան Շարժումները Կը Շարունակուին, Իսկ Ազգային Ազատ Հոսանքը Այսօր Կը Կատարէ Իր Ցոյցը

September 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nerkin_kordzots_9-03-15

Լիբանանը կ՛եռայ քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպած ցոյցերով, շարժումներով եւ արշաւներով, որոնք հեռու են դասական քաղաքական եւ համայնքային պատկանելիութենէ:

Այդ բոլորին վրայ այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին կ՛աւելնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցոյցը, որ քաղաքացիական ընկերութեան արշաւներուն նման «գոյներու յեղափոխութեան» սկզբունքներով չի գործեր, սակայն իր գոյնով` նարնջագոյնով քաղաքական որոշ ուղղուածութիւն մը կը ներկայացնէ:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ այսօր պատմական օր պիտի ըլլայ եւ բոլոր լիբանանցիները պէտք է միաբերան եւ միասնական պահանջներով ներկայանան, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ ընտրական արդար օրէնքի մը եւ ընտրել նախագահ մը` առանց օրէնքները խախտելու:

Այն Մրայսէ Եւ Ապա Ներքին Գործոց
Նախարարութիւն

«Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւի պատասխանատուներ եւ անդամներ երէկ ըմբոստացան Այն Մրէյսէի մէջ զետեղուած «Փարք միթըր»-ներու դրութեան դէմ եւ ձեռնարկեցին այդ սարքերը խանգարելու աշխատանքին` հաստատելով, որ ծովեզերեայ այդ շրջանը համեստ դասակարգին համար պտոյտի եւ օդ շնչելու միակ վայրն է եւ պէտք չէ զայն գրաւել ու ինքնաշարժ կանգնեցնելու յաւելեալ տուրք պարտադրել ժողովուրդին:

«Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամ երիտասարդներ «Փարք միթըր»-ներու աշխատանքը կասեցնելու ընթացքին «ձերբակալուեցան» այնպիսի զինեալներու կողմէ, որոնք զինուորական տարազով չէին եւ ոստիկանական կամ ապահովութեան ուժերու յատուկ ինքնաշարժ չունէին:

Վերջիններս յաջողեցան իրենց հետ տանիլ երկու երիտասարդներ, իսկ գրաւել ուրիշ երեք երիտասարդներու անձնաթուղթերը:

Այս արարքին իբրեւ հետեւանք, «Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամները ուղղուեցան ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր բողոքի ցոյց մը կատարեցին եւ քանի մը անգամ նաեւ ճամբան փակեցին ու երթեւեկը կանգնեցուցին` պահանջելով իրենց ընկերներուն ազատ արձակումը եւ դատապարտելով իշխանութեան կողմէ բռնատիրական եւ միլիսական վարուելակերպը:

«Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւը պահանջեց ազատ արձակել առեւանգուած տղաքը:

Մինչ ցուցարարները պատահածը առեւանգում կ՛անուանէին, ներքին ապահովութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին, որ Պէյրութի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զանոնք` «Փարք միթըր»-ները խանգարելու անոնց յանցանքին համար:

Ցոյցին ընթացքին Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ հրահանգեց կասեցնել Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ զետեղուած «Փարք միթըր»-ներու աշխատանքը, ինչ որ նուաճում նկատուեցաւ ցուցարարներուն կողմէ, իսկ աւելի ուշ երկու ձերբակալեալներուն ազատ արձակումէն ետք «Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամները հեռացան ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիէն:

Մշարրաֆիէի Մէջ

Միւս կողմէ, «Օգոստոս 29» շարժումը Մշարրաֆիէի մէջ, աշխատանքի նախարարութեան դիմաց երեկոյեան ժամը 6:30-ին կատարեց հաւաք մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ կենսոլորտի նախարարին հրաժարելու իր պաշտօնէն, ինչպէս նաեւ պահանջուեցաւ քաղաքապետարաններուն վերադարձնել իրենց գումարները եւ աշխատանքի առիթներ ստեղծել լիբանանցի երիտասարդներուն համար:

Կենսոլորտի Նախարարութեան Դիմաց

Նշենք նաեւ, որ լիբանանցի երիտասարդ մը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին իր վրանը լարեց կենսոլորտի նախարարութեան կեդրոնատեղիին դիմաց եւ անհատական նախաձեռնութեամբ հացադուլ յայտարարեց մինչեւ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականը: Աւելի ուշ անոր միացան նաեւ քանի մը այլ երիտասարդներ:

Աւելցնենք նաեւ, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, ինչպէս նաեւ «Օգոստոս 29» շարժումը, որ քաղաքացիական ընկերութեան բոլոր արշաւները համակարգող շարժումն է, կը պատրաստուին բողոքի մեծ ցոյցի մը, որ պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին, երկխօսութեան նիստին զուգահեռ:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանի Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Համայնքները Կառչած Կը Մնան Ազգային Միասնականութեան» Ըսաւ Միւֆթի Տըրիան

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Կողմը Կրկին Կրակոցներու Սկսած Է Տաւուշի Մարզին Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.